2011-02-06 09:47:00

Բակօ Սահակեան Կը Խօսի Բանակի Մասին։


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի նստավայրին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը՝ իշխանութեան օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։ Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բանակին հետ համագործակցութեան հարցեր։
Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախի պետութեան եւ ժողովուրդին ապահովութեան հիմնական երաշխաւորը պաշտպանութեան բանակն է, որուն մարտունակութեան բարձր մակարդակը կը հանդիսանայ շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման եւ դրացի պետութիւնը ապակառուցողական քայլերէ զերծ պահելու կարեւորագոյն գործօններէն մէկը։
Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ ներկայ ժամանակաշրջանին մէջ անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել բանակ-հասարակութիւն յարաբերութիւնները նոր մակարդակի հասցնելու ուղղուած խնդիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն։ Այս ծիրին մէջ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց պաշտօնեաներու եւ հասարակական հատուածի ներկայացուցիչներու աւելի յաճախակի այցելութիւնները զօրամասեր, հանդիպումները անձնակազմին հետ եւ անհրաժեշտ օգնութեան ցուցաբերումը՝ բանակին առջեւ դրուած խնդիրներու լուծման գործին նպաստելու համար։ Խորհրդակցութեան ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն յատկացուեցաւ պաշտպանութեան հիմնադիրներուն։
Խօսք առին նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, բանակի սպայակոյտի պետ Լեւոն Մնացականեան, փրկարար ծառայութեան տնօրէն Արթուր Յարութիւնեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլատիկ Խաչատրեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Բակօ Սահակեան համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.