2011-02-06 09:48:39

«ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ» Ի Շքանշան Արուս Էհրամճեանին։


Գանատա։
Խաժակ արք. Յակոբեանի նախագահութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ Ազգային վարչութեան, առաջնորդարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցած «Առաջնորդարանի բարեկամներու ընթրիքի՝՝ աւարտին բարերարուհի՝ Արուս Էհրամճեան ստացաւ «Կիլիկեան իշխանուհի»ի շքանշանը:
«Առաջնորդարանի բարեկամ»ներու նուիրատուութիւնները հիմքը կը կազմեն առաջնորդարանի հիմնադրամին եւ տարեկան շարք մը նախաձեռնութիւններու, որոնց միջոցով առաջնորդարանը կրնայ փոխանցել սերունդներուն մեր դարաւոր ժառանգութիւնն ու աւանդութիւնները եւ մեր ազգային գոյութեան կարեւորագոյն հիմունքները:
Առաջնորդը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն եւ գնահատեց անոնց շարունակական օժանդակութիւնը՝ առաջնորդարանին ու անոր ծրագիրներուն եւ գործունէութեանց իրականացման համար իրենց ցուցաբերած աջակցութեան:
Նշենք թէ՝ բժիշկ Վաղարշ Էհրամճեան արդէն ստացած էր «Կիլիկեան իշխան»ի շքանշանը՝ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ 50-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին: Սոյն շքանշանը կը յանձնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնաբեր կոնդակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.