2011-02-05 12:50:41

Նախագահ Սարգսեան Կը Մասնակցի Միւնիխի Անվտանգութեան Քաղաքականութեան Հարցերով Վեհաժողովին ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Գերմանիա, ուր սկսած է անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Միւնիխի վեհաժողովը։
Նախաձեռնութեան կը մասնակցին տասնեակէ մը աւելի պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներ։ Վեհաժողովին օրակարգը կը ներառէ համաշխարհային քաղաքականութեան արդի մարտահրաւէրներուն հետ կապուած կարեւորագոյն հարցերը, որոնց շուրջ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան վեհաժողովի պաշտօնական բաժինին, ինչպէս նաեւ մասնակիցներու բազմաթիւ ոչ պաշտօնական հանդիպումներուն ընթացքին։
Երէկ վեհաժողովի մասնակիցները օրակարգային հարցերու շարքին քննարկեցին նաեւ համաշխարհային կայունութեան եւ ապահովութեան վրայ տնտեսական ճգնաժամին ազդեցութեան խնդիրները։







All the contents on this site are copyrighted ©.