2011-02-05 13:01:49

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Դժգոհութիւն Կը Յայտնեն։


Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գրասենեակի որոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբի վերստեղծման վերաբերեալ, կը շարունակէ մնալ հակասական, յատկապէս, որ այդ որոշումը կը հակասէ միջնորդ պետութիւններու բազմաթիւ կոչերուն՝ հեռու մնալու այլ կազմակերպութիւններու այնպիսի գործողութիւններէն, որոնք կրնան հաւանականօրէն վնաս հասցնել բանակցային հոլովոյթին։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այդ մասին վերջին անգամ ըսած էր 13 յունուարի իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ բանակցային հոլովոյթին չվնասելու վերաբերեալ։
Դիւանագիտական աղբիւրներ ,Փանարմինիըն.նեթեին տեղեկացուցին, որ Եւրոպական խորհուրդին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են վեհաժողովի գրասենեակին կողմէ ընդունուած որոշումին վերաբերեալ։Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ անոնք մասնաւորաբար դժգոհած են վեհաժողովի գրասենեակի ղարաբաղեան բանակցային հոլովոյթին յստակօրէն վնասող որոշման ընդունման առնչութեամբ՝ նշելով, որ այդ որոշման բացասական հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը ամբողջովին կ՚իյնայ վեհաժողովի գրասենեակին վրայ։
Անոնք կոչ ուղղած են վեհաժողովի ղեկավար մարմինին յարգանքով վերաբերելու բանակցային հոլովոյթի բնոյթին ու ձեւաչափին եւ անոր մօտենալու հասունութեան զգացումով։ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները նշած են, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին շուրջ բանակցութիւններու մանրամասնութիւններուն չտիրապետող քաղաքական գործիչներու կողմէ հանրային քննարկումները չեն կրնար որեւէ իմաստալից աջակցութիւն ունենալ բանակցային հոլովոյթին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.