2011-02-05 12:48:12

Իտալացի Քահանայ Հայր Անտրէա Սանթորոյի Մահուան 5-րորդ Տարելիցը։


5 Փետրուար 2006ին մինչ կ՝աղօթէր թուրքիոյ սեւծովեան Թրապզոն քաղաքի Սուրբ Մարիամի անուան նուիրուած Եկեղեցիին մէջ,հրացանի երկու գնդակով կը սպաննուէր իտալացի քահանայ Հայր Անտրէա Սանթորօ։

Հայր Անտրէայի մահուան հինգերորդ տարելիցը կը յիշատակուի այսօր Հռոմի մէջ Երուսաղէմի Սուրբ Խաչը (la basilica S.Croce in Gerusalemme) անունը կրող Տաճարին մէջ,յետ միջօրէին, իսկ Թուրքիոյ Անատոլուի Աթոռակալութիւնը կը յիշատակէ նոյնպէս սպաննութեան տարելիցը Սուրբ Պատարագով մը Թրապզոնի Սուրբ Մարիամ Եկեղեցիին մէջ։

Հայր Անտրէա մօտէն կը հետաքրքրուէր Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ եղած յարաբերութիւններով ,յարաբերութիւններով ընդ մէջ երեք կրօններուն որոնք ծագում առին Միջին Արեւելքի մէջ. հրէականութիւնը, քրիստոնէութիւնը եւ մահմէտականութիւնը։ Հայր Անտրէա կ՝ըսէր ՝՝ քրիստոնէական ինքնութիւնը հողամասային ինքնութիւն մը չէ եւ ոչ ալ պարզապէս մշակութային։ Քրիստոնէական ինքնութիւնը աւետարանական ինքնութիւն մըն է,այն է Քրիստոսի աղը մեր մէջ եւ մեր փոխակերպումը իր մէջ......Քրիստոսի տեսանելիութիւնը մեր միջոցաւ եւ գրել Աւետարանը մեր էութեան , մեր զգացողութեան եւ մեր կենցաղին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.