2011-02-05 12:10:03

Արամ Ա. Կաթողիկոս Գնահատեց ՜՜ԳԱՅԻԱՆԵԱՑ՝՝ Միաբանութեան Քոյրերը։


Երեքշաբթի 1 Փետրուարին, Անթիլիասի Վեհարանին մէջ ընդունելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԳայիանեաց՚ Կրօնաւորուհիներու Միաբանութեան քոյրերը, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայրապետական գնահատանք յայտնեց անոնց, ՙԹռչնոց Բոյն՚ի հայ մանուկներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած նուիրեալ ծառայութեան համար:
ՙԳայիանեաց՚ Կրօնաւորուհիներու Միաբանութիւնը շուրջ 20 տարիներէ ի վեր հաստատուած ըլլալով Ճիպէյլի ՙԹռչնոց Բոյն՚ին մէջ, իր դռները միշտ լայն բացած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իգական սեռէն անոնց, որոնք կը փափաքին անդամակցիլ, ու կրօնաւորուհի դառնալով ծառայել Մայրենի Եկեղեցւոյն:

Կրօնի Միացեալ Դասագիրքերու Յանձնախումբի Ժողով Պէյրութի Մէջ։
Մարոնիներու Պէյրութի Առաջնորդարանին մէջ, Երեքշաբթի, 1 Փետրուարին, տեղի ունեցաւ կրօնական դասագիրքերու պատրաստութեան համատեղ յանձնախումբին ժողովը, որուն մաս կը կազմեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Մարոնի, Յոյն Ուղղափառ, Յոյն Կաթողիկէ, Բողոքական եւ Լատին Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ յանձնախումբի ժողովին մասնակցեցաւ Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զօպուեան: Յայտնենք թէ այս յանձնախումը կազմուած է 1996-ին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերուն կողմէ եւ ցարդ լոյս ընծայած է, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով Լիբանանի նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարաններուն համար մանկավարժական մօտեցումով եւ էքիւմէնիք ոգիով պատրաստուած պատկերազարդ կրօնի դասագիրքեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.