2011-02-04 11:59:15

Ղարաբաղի Հարցով Ենթայանձնախումբը Իր Աշխատանքին Պիտի Սկսի Ապրիլին։


Եւրոպական Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գրասենեակին որոշումով վերստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբը պաշտօնապէս իր աշխատանքներուն պիտի սկսի ապրիլին, երբ կը նախատեսուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւններուն հետ առաջին պաշտօնական կապերը։ Այդ մասին ազրպէյճանական ՝՝Թրենտ՝՝ լրատուական գործակալութեան խօսած է ենթայանձնախումբի նախագահ Խորտի Խուքլա Ի Քոսթա։
Ենթայանձնախումբի նախագահը կը ծրագրէ փետրուարին եւ մարտին մանրամասնօրէն ուսումնասիրել իրավիճակը տագնապի շրջանին մէջ, կապեր հաստատել ակադեմական շրջանակներու ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու եւ դեսպաններու հետ։ Հիմա ժամանակն է աշխատելու երկու կողմերուն հետ, աւելի լաւ հասկնալու անոնց դիրքորոշումները ենթայանձնախումբի հետագայ անաչառ աշխատանքին համար (ըսաւ սպանացի խորհրդարանականը)։ Խորտի Խուքլա Ի Քոսթա ընդգծեց, որ իր պարտականութիւնն է կառուցողական աշխատանք տանիլ երկու կողմերուն հետ՝ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման եւ հետագայ աշխատանքի կարելիութեան համար։
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին Հայաստանեան պատուիրակութիւնը դէմ էր Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբի վերստեղծման, որուն նախաձեռնողը վեհաժողովի նախագահ՝ ազգութեամբ թուրք Մեւլութ Չաւուշօղլուն էր։







All the contents on this site are copyrighted ©.