2011-02-04 12:20:15

Եգիպտոսի Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքին Կոչը ՜՜Գործել Երկրի Բարիքին Համար՝՝։


Կոչ կ՛ուղղեմ երկրի բոլոր ուժերուն՝ քաղաքական, ընկերային եւ ժողովրդային ուժերուն, գործելու համայն երկրի բարիքի համար ստեղծելով՝ խաղաղութեան, զօրակցութեան եւ եղբայրական մթնոլորտ մը, օգնելու Եգիպտոսը յառաջանալու շիտակ ուղիով>>։ Այս է Աղեքսանդրիոյ Ղպտիներու Պատրիարք Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպի հրաւէրը, Եգիպտոսի այս տագնապալից վիճակի բերումով։ Միզնա լրատու գործակալութեան միջոցաւ Պատրիարքը կը հաստատէ թէ Եգիպտոսը կը գտնուի անկիւնադարձի մը առջեւ որ կրնայ բարելաւուած ապագայ մը ստեղծել ապագայ սերունդներուն բայց պէտք չէ ստորագնահատել այս կացութեան վտանգները։
Կարտինալ Նակիպ կը մատնանշէ թէ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը համամիտ է իշխանութեան խաղաղ անցքի։Նակիպ Պատրիարքի համար նախագահին առած որոշումը որ է չներկայանալ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, Եգիպտոսի բարիքի համար որոշում մըն է։ Այս ուղղութեամբ` սիւննիներու սիրտը եղող` Ալ Ազհար համալսարանի կրօնապետերը, նաեւ ուղղեցին կոչ մը <<ոեւէ բանէ առաջ մտածելու Եգիպտոսի եւ անոր ժողովուրդի բարիքին>> ինչպէս նաեւ հրաւիրեցին եգիպտական իշխանութիւնները դիմելու ազգային երկխօսութեան այս տագնապի լուծման համար>>։ Գերապայծառ Միքայէլ Լուիս ֆիթցճէրալտ՝ եգիպտոսի մէջ Վատիկանի պապական նուիրակը եւս կը խօսի <<անորոշութեան>> վիճակի մասին ու նաեւ <<երկրի փոփոխութեան ձգտումի>>մասին։ Մատնանշելով քրիստոնաներուն հարցին Գերապայծառ ֆիթցճէրալտ կը հաստատէ որ <<շատեր մտահոգ են>> բայց եւ այնպէս վտանգի ոչ մէկ արարք յայտնաբերուած է մինչեւ այսօր որով հարցը ազգային է եւ կրօնական խտրութիւն չկայ քրիստոնեայի եւ իսլամի միջեւ։ Բոլորն ալ միայն եգիպտացի են։








All the contents on this site are copyrighted ©.