2011-02-04 12:23:09

Արեւելքի Քրիստոնեաներու Համախմբումի Այցելութիւնը Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Պատրիարքին։


Պէյրութ- Չորեքշաբթի, 2 փետրուար 2011ին՝ երեկոյեան ժամը 5-ին, Արեւելքի քրիստոնեաներու համախմբումի ընդհանուր խորհուրդը այցելեց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։ Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար առաջնորդ Սամիր Մազլում Հոգեւոր տիրոջ յանձնեց թղթածրար մը համախմբումի աշխատանքներուն մասին. ինչպէս նաեւ ան տեղեկացուց թէ պատրաստութիւններ տեղի կ’ունենան կազմակերպելու համար՝ «Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին հանդիպում» խորագրով համագումարը յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին, քննարկելու համար Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Հոգեւոր տէրը իր կարգին քաջալերեց այս աշխատանքը եւ համախմբումին յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ:
Յիշենք, որ այս համախմբումը հիմնուեցաւ 2010 թուականին սկիզբը, հիմնական նպատակ ունենալով հաւաքել առաւելագոյն թիւով Արեւելքի եւ սփիւռքի մէջ քրիստոնեայ կարեւոր տարրերը, բոլոր Եկեղեցիներու օրհնութեամբ ու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ամրապնդել եւ պաշտպանել քրիստոնեայ ազատ ու դերակատար ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի տարածքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.