2011-02-04 12:10:39

ԱՆԳԱՐԱ ՈՐՈՇԱԾ Է ՔԱՆԴԵԼ ԿԱՐՍԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ ։


Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ մէջ որոշում տրուած է քանդելու Կարսի մէջ տեղադրուած Խաղաղութեան եւ Մարդկութեան յուշարձանը, որ կը խորհրդանշէ նաեւ հայ-թրքական բարեկամութիւնը։
Կարսի քաղաքապետարանի խորհուրդի նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուած է արձանը քանդելու հարցը, որուն դէմ քուէարկած է նիստին մասնակցած 23 անդամներէն միայն 4-ը։ Թեր քուէարկողներուն շարքին են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան 11 անդամներ եւ ընդդիմադիր Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան 8 անդամներ։

Յիշենք թէ յունուարին Կարս կատարած իր այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հայ-թրքական բարեկամութեան նուիրուած յուշարձանները «հրէշաւոր» ՝՝ucube՝՝(թրքերէն) կոչած էր եւ զայն քանդելու ցուցմունք տուած։
Ան աւելի ուշ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ «յուշարձանի բովանդակութիւնը ընդհանրապէս զիս չի հետաքրքրեր, եւ շատ քիչ բան գիտեմ, թէ ի՛նչ կը ներկայացնէ այդ արձանը»։
Էրտողանի յայտարարութիւնը լայն արձագանգ գտած էր ազգային ու միջազգային մամուլին մէջ։
Իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, իր կարգին նշած էր, թէ այդ արձանը քանդելու որոշումը որեւէ առնչութիւն չունի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.