2011-02-04 11:52:59

 Լիբանանի ԱԶԴԱԿ օրաթերթին կը հաղորդեն Եգիպտոսէն։ Երեք Հայերու Խանութներ Թալանուած Ցոյցերու Ընթացքին (Կ՛ըսէ Աշոտ Եպս. Մնացականեան) ։


՝՝Արմաւենի՝՝ լրատուական կայքէջը ,Ազդակ-ին կը հաղորդէ, որ ըստ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդին, երեք հայերու պատկանող խանութներ թալանուած են 25 յունուարէն ի վեր Եգիպտոսի տարածքին սկսած ցոյցերուն ընթացքին։ Սակայն ոչ մէկ մարդկային վնաս պատահած է , կը նշէ սրբազան հայրը՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու: Առաջնորդ սրբազանը կը հաւաստիացնէ, որ համայնքի անդամները ,անհանգիստ եւ մտահոգ են երկրին մէջ տեղի ունեցող վերջին մէկ շաբթուան իրադարձութիւններով, բայց ոչ ոք մասնակցած է կազմակերպուած ցոյցերուն:
Սրբազանը կը տեղեկացնէ, որ Եգիպտոս ապրող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ եւ եգիպտահայ համայնքի որոշ մէկ մասը հետաքրքրուած է Հայաստան երթալով, ուստի ,անոնք դիմած են Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն,անհրաժեշտութեան պարագային Հայաստան ճամբորդելու համար: Մարդիկ սարսափած են եւ իրաւունք ունին հեռանալու, քանի որ լուրերէն ամէն վայրկեան իրերամերժ նորութիւններ կը լսեն, սակայն իրադրութիւնը ներկայիս աւելի շատ վերահսկողութեան տակ է, քան առաջին օրերուն: Սրբազան հայրը լաւատես է եւ կը հաւատայ, ,որ ամէն ինչ շուտով կը հանդարտի, միայն պէտք է ուշադիր ըլլալ եւ հետեւիլ անվտանգութեան պահպանման։
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատունը խորհուրդ տուած է Եգիպտոս գտնուող Հայաստանի քաղաքացիներուն հեռանալու փափաքի պարագային օգտագործել տարբեր օդանաւային ընկերութիւններու կանոնաւոր թռիչքները։ Դեսպանատունը, միաժամանակ, յորդորած է Հայաստանի քաղաքացիներուն ,ձեռնպահ մնալ Եգիպտոս այցելութիւններէն՝ մինչեւ իրավիճակի լիակատար կարգաւորումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.