2011-02-03 12:50:54

 Յիլարի Քլինթըն Յետաձգած Թուրքիա Իր Այցելութիւնը։


«Անատոլու» լրատու գործակալութեան կը տեղեկացնէ որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յետաձգած է Թուրքիա իր այցելութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան դիւանագէտ մը հաստատած է, որ Քլինթըն յետաձգած է յառաջիկայ շաբաթ դէպի Թուրքիա նախատեսուած իր այցելութիւնը։
Ան ըսած է, թէ Քլինթըն Միւնիխի մէջ 4-6 փետրուարին ապահովութեան շուրջ խորհրդաժողովի մը մասնակցելէ ետք իր երկիրը պիտի վերադառնայ։
Ամերիկացի պաշտօնատարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Թուրքիա հետագայ այցելութեան թուականը պիտի յայտարարուի յարմար ժամանակին։ Դիւանագէտներ այցելութեան յետաձգման պատճառներուն մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցած։







All the contents on this site are copyrighted ©.