2011-02-02 13:08:35

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը ՜՜Կնոջ Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։
Չորեքշաբթի 2 փետրուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան հինգ հազար ուխտաւորներուն, խմբուած Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Կնոջ դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին, ան ներկայացուց Ավիլայի Սրբուհի Թերեզան։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ավիլլայի Սրբուհի Թերեզան ծնած է Սպանիոյ Ավիլլա քաղաքը 1515-ին։ Իր մանկութեան փորձառութիւնները կը դրոշմեն իր կեանքը եւ 9 տարեկանին իղձ կը յայտնէ նահատակուիլ Աստուծոյ հետ հանդիպելու նպատակով։
20 տարեկանին կը մտնէ Մարդեղութեան մենաստանը ուր Քրիստոսի հանդէպ իր սէրը կը հասուննայ։ Կարմեղեաններու Միաբանութեան բարենորոգիչ՝ Սրբուհի Թերեզան մինչեւ իր մահը 1582-ն, զանազան վանքեր կը հիմնէ Սպանիոյ տարածքին։ Սուրբ Յովհաննէս Խաչեցեալի հետ իր հանդիպումը՝ վճռական դէպք մը կը հանդիսանայ։ <<Ներքին Դղեակ>> նշանաբանով քրիստոնէական հոգեւորութեան իր գլուխ գործոց գրութիւնը կը ներկայացնէ քրիստոնեայի սրբութեան ձգտումի հանգրուանները սուրբ հոգիին շնոհքով մինչեւ <<եօթներորդ բնակարան>> գործը։ Ավիլլայի Սրբուհի Թերեզայի համար <<Աղօթքը>> Մարդուն Աստուծոյ հետ բարեկամութեան յարաբերութիւն է որ շնորհքով եւ բարեպաշտութեամբ կը խորանայ ձգտելով Քրիստոսի հետ միութեան սիրոյ գագաթնակէտին։
Սիրելիներ, մեր աշխարհի մէջ ուր հոգեւոր արժէքներու կարիքը կայ, Ավիլլայի Սրբուհի Թերեզան` եկեղեցւոյ Վարդապետը` մեզի կը սորվեցնէ ըլլալու անխոնջ վկաները Աստուծոյ ներգործութեան եւ ներկայութեան։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու յիշեց եկեղեցւոյ այսօրուայ յիշատակած Կրօնաւորական Նուիրեալներու Օրը, խնդրելով հաւատացեալներէն որ աղօթեն բոլոր անոնց համար որոնք աղքատութեան` հնազանդութեան եւ ողջախոհութեան ուխտ կատարելով կը ձգտին սրբութեան, ծառայելով՝ մանուկներուն, երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն եւ կարօտեալներուն։ Իրենց ծառայութիւնը արժէքաւոր տուրք մըն է եկեղեցւոյ համար։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց բոլոր կրօնաւորներուն` երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն յիշելով երկու օր առաջ յիշատակուած Սուրբ Ճովաննի Պոսքոյի տօնը։ Սիրելի երիտասարդներ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, նայեցէք իրեն, իբրեւ կեանքի եւ սրբութեան դաստիարակ, դուք սիրեցեալ հիւանդներ իր հոգեւոր օրինակէն սորվեցէք ապաւինիլ խաչեցեալ Քրիստոսին եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ դիմեցէք անոր բարեխօսութեան որպէսզի ան ձեզ օգնէ ձեր ընտանեկան առաքելութեան մէջ։
Հուսկ՝ Սրբազան Քահանայապետը ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.