2011-02-02 13:08:52

Չորեքշաբթի 2 Փետրուարին Տօնն Է Տեառնընդառաջի։


Չորեքշաբթի 2 Փետրուարին, տօնն է Տեառնընդառաջի, այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճար, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։ Նաեւ նոյն օրը, կամ նախորդ օրուայ իրիկունը, ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ. Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը։








All the contents on this site are copyrighted ©.