2011-02-02 12:51:42

Միացեալ Նահանգերու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Ազրպէյճան Գտնուող Ամերիկացի Քաղաքացիները ՝Ահաբեկչական Սպառնալիքէ ։


«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիները զգուշացուցած է «Կասպից ծովու ափին քարիւղով հարուստ նախկին խորհրդային այդ երկրին մէջ» ահաբեկչական սպառնալիքի մը գոյութենէն։
Ըստ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տեղեկատուութեան, «Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն դէմ յարձակումներու կարողական սպառնալիքը բաւական բարձր է»։
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները «պէտք է պահպանեն իրենց զգօնութիւնը, յատկապէս հասարակական վայրերուն մէջ»։Օրաթերթը չի հաղորդեր, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ սպառնալիքին աղբիւրը եւ ո՛վ կրնայ կանգնած ըլլալ անոր ետին։







All the contents on this site are copyrighted ©.