2011-02-02 12:44:00

Հայաստան Կ՛ողջունէ Հարաւային Սուտանի Հանրաքուէն ։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, գնահատելով Սուտանի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէի նախնական արդիւնքները, յայտնեց, որ Հայաստան կ՚ողջունէ Հարաւային Սուտանի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն։ Հանրաքուէի նախնական արդիւնքները, որոնք վստահաբար էապէս չեն տարբերիր վերջնականէն, անգամ մը եւս ամրագրեցին, որ ազատ ինքնորոշումը իւրաքանչիւր ժողովուրդի անքակտելի իրաւունքն է։
Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հարաւային Սուտանի բնակչութեան այս ընտրութիւնը արդէն շուրջ 60 տարի ետք՝ ՄԱԿ-ի ստեղծումէն ի վեր, տեղի ունեցող ինքնորոշման յաղթարշաւի ամէնէն թարմ օրինակն է եւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու ճիշդ ճամբան, որ կ՚ողջունուի միջազգային հանրութեան կողմէ։
Նալբանդեան յոյս յայտնեց, որ իր կամքի արտայայտութեամբ ընտրելով սեփական ճակատագիրը տնօրինելու ուղին՝ Հարաւային Սուտանը յաջողի անկախ պետականութեան հաստատման եւ ստեղծման գործին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.