2011-02-01 13:55:56

Ռատիովատիկանի Տնօրէն Յիսուսեան Հայր ֆետէրիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
"Ո՞ր Համամիութիւնը"


<<Բաժնուած Քրիստոնեաներու միջեւ միութեան հաստատումը չի կրնար դառնալ լոկ փոխադարձ ճանաչում եւ խաղաղ համակեցութիւն մը >>։ Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ արտասանած այս խօսքերը անցեալ 25 յունուարին, ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին, կը հնչեն որպէս ազդարարութիւն։
Քանի անգամներ, երկխօսութեան ընթացքին ներկայացած խոչնդոտներու դիմաց ետքայլ կ՝ընենք ու կը դառնանք մեր դիրքերուն, բախումներ չ՛ունենալու համար ու կը ջանանք բարեացակամութեամբ՝ ընդունիլ մեզ բաժնող տարբերութիւնները եւ կը հրաժարինք աւելի յառաջդիմական ու վճռական քայլեր առնելէ։ Հանդրժողութեան եւ բազմատարրութեան մշակոյթը այս վարմունքը կը դարձնէ բնական վարմունք, իմաստուն եւ իրապաշտ։ Արդեօք այսպ՞էս է։
Միութիւնը տարբեր բան մըն է։ Քահանայապետը խօսքը շարունակեց ։ <<Մենք կը ձգտինք այս միութեան որուն համար նոյնինքն Քրիստոս աղօթեց եւ որ բնականօրէն կը յայտնուի հաւատքի եւ խորհուրդներու մատակարարութեան միութեան մէջ։>>
<<Յոռետեսութեան եւ համակերպութեան փորձութեան>> դիմաց Նորին Սրբութիւնը մեզ կը հրաւիրէ կենդանացնելու << մեր յոյսը Սուրբ Հոգիի զօրութեան մէջ>> եւ մեծ յոյսով յարատեւելու ՜՜միութեան՝՝ ճանապարհին վրայ։>>։
Սուրբ Պօղոս իր ձիէն վար ինկաւ երբ հանդիպեցաւ Յիսուսին եւ իր կեանքը փոխուեցաւ։ Դարձ- Ապաշխարութիւն։ Ի՞նչ կը պահանջէ Քրիստոս Մեզմէ։
Ան անշուշտ չի պահանջեր որ մնանք մեր այսօրուայ դիրքին վրայ։ Ապա թէ ոչ մեր համամիութենական հանդիպումները պիտի մնան գեղեցիկ բեմադրութիւն մը, որ կը ներկայացնեն անցեալի բաժանումներու հայելին եւ չեն ցոլացներ Աստուծոյ Հոգիի ներկայութիւնը։ Հոգիի մը՝ որ աւելի կարեւորութիւն ու տեղ պէտք է տանք ատելութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ։ Ասիկա կարելի է ընել անշուշտ միայն իսկական սիրոյ միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.