2011-02-01 12:58:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հիւանդի Համաշխարհային Օրուայ Պատգամը ներկայացնելու Մամլոյ Ասուլիս


Յառաջիկայ հինգշաբթի 3 յունուար 2011 ժամը 11.30 Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հիւանդի Համաշխարհային Օրուան Պատգամը։ Նոյն օրը պիտի ներկայացուի նաեւ <<Կաթողիկէ առողջապահական եւ կեանքի մշակոյթը>> նիւթին մասին ուսումնաժողովը որ տեղի կ՛ունենայ 5 փետրուար 2011-ին Հռոմի Ս. Պիոս Ժ.ի անուան սրահին մէջ Քահանայապետական առողջապահութեան գործիչներու խորհուրդի 25րդ տարեդարձի փակման արարողութեան առթիւ։
Մամլոյ Ասուլիսին կը մասնակցին ի մէջ այլոց Գերապայածառ Զիկմունդ Զիմովսքի Քահանայապետական առողջապահութեան գործիչներու խորհուրդի նախագահը, Գերապայծառ Խոսէ Լուիս Րէտրատօ Մարքիթ վերոյիշեալ խորհուրդի քարտուղարը։
Նշենք թէ Հիւանդի Համաշխարհային Օրը կը յիշատակուի ամէն տարի 11 փետրուարին Լուրտի Տիրամօր երեւումներուն տօնին առթիւ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ, ուղղուած՝ հաւատացեալներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց, կ՛ընդգծէ թէ <<ընկերութիւն մը որ կը մերժէ իր հիւանդները անողոք է եւ տմարդի` ու հարկաւոր է ստեղծել կամուրջներ սիրոյ եւ զօրակցութեան։ Ընկերութիւնը կը չափանշուի տառապողներու հանդէպ իր ցուցաբերած կեցուածքով։
Հիւանդին այս 19րդ օրուան առթիւ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիական իշխանութիւններուն որ առաւել ոյժ տան առողջապահական կառոյցներուն, աւելի պատշաճօրէն օգնութեան հասնելու համար հիւանդներուն։ Այդ կատարելով հիւանդին, տառապողին եւ ընչազուրկին օգնութեան հասնողը Յիսուսի ծառայած կ'ըլլայ։ Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով` երիտասարդները կանչուած են սիրոյ եւ զօրակցութեան կամուրջներ կառուցելու անհատներու միջեւ մասնաւորապէս անոնց հանդէպ որոնք իրենքզիրենք առանձին կը զգան։








All the contents on this site are copyrighted ©.