2011-01-31 14:23:11

Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանը ։


Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի օրակարգին վրայ այս տարի եւս դրուեցաւ 24 ապրիլ 2011-ը Քալիֆորնիոյ մէջ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման թուական նշելու բանաձեւը՝ խորհրդարանականներ Էնթընի Փորթանթինոյի, Խաչօ Աշաճեանի եւ նահանգային ծերակուտական Ճօ Սիմիթեանի նախաձեռնութեամբ:
Բանաձեւը կոչ կ՚ուղղէ նախագահ Պարաք Օպամային ու Քոնկրեսի անդամներուն, որ պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ միաժամանակ շեշտելով, որ Թուրքիա եւս պէտք է ընդունի, թէ պատասխանատու է աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութեան:
Ուրբաթ, 29 յունուարին, այս լուրին անդրադարձող թրքական լրատու գործակալութիւնները նաեւ կը գրեն, թէ Քալիֆորնիոյ մէջ կ՚ապրին աւելի քան 700 հազար հայեր, եւ այդ պատճառով, այդ նահանգի խորհրդարանի օրակարգին վրայ յաճախակի կերպով դրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման բանաձեւեր։ Բանաձեւերը ընդհանրապէս քուէներու միաձայնութեամբ կ՚ընդունուին խորհրդարանին կողմէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.