2011-01-31 12:03:04

Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու պատասխանատուներուն հետ, իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը ոգկոչէ նահատակնլերու արի վկայութիւնը։


Խօսքը ուղղելով արեւելեան կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան խառն յանձնախոումբի պատասխանատուներուն Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց արեւելեան կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան խառն յանձնախոումբի պատասխանատուներուն ցայժմ կատարուած աշխատանքին համար եւ միաժամանակ ողջունեց արեւելեան համայնքներու սուրբերն ու նահատակները, որոնք քաջութեամբ կը դիմագրաւեն անոնց դէմ կատարուած հարստահարումը։ Աղօթքս է որ ձեր բազմաթիւ սուրբերն ու մարտիրոսները բարեխօսեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար, որպէսզի կարենան միասնաբար գործեն խաղաղութեան ու արդարութեան ի խնդիր։
Ղպտի ուղղափառ Մետրապոլիտ Բիշոյ իր արտասանած ուղերձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին իր կատարած միջամտութեան ու աղօթքին Աղեքսանտրիոյ 31 դեկտեմբերին զոհերուն համար եւ միաժամանակ երաշխաւորեց թէ նախագահ Մուպարագ իր կարելին կը կատարէ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան համար։
Յայտնենք թէ աստուածաբանական երկխօսութեան խառն յանձանխումբը սկսաւ ժողովիլ 2003էն։ Յանձնախումբը ամէն տարի ժողով կը գումարէ եւ 2009ին վաւերաթուղթ մը հրապարակած է ''Եկեղեցւոյ բնութիւնն, սահամանադրութիւնը ու առաքելութիւնը'' նիւթին մասին։ Պաշտօնական երկխօսութեան իններորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 16-23 Յունուար 2012-ին, Եթովպիոյ մէջ







All the contents on this site are copyrighted ©.