2011-01-31 12:50:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Տեսալսողական Պատգամը Փիլիպպեաններու Ս. Թովմասի անուան Քահանայապետական Համալսարանին, Անոր Հիմնարկութեան Դ. Դարադարձին Առթիւ։


Մանիլիայի քահանայապետական Ս. Թովմաս համալսարանի 4-րդ դարադարձին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը տեսալսողական պատգամ մը ուղղած է Համալսարանի անձնակազմին ուսանողութեան եւ նախկին աշակերտութեան։
Պատգմին մէջ, ողջունելով յոյժ կարեւոր դերը ծայրագոյն արեւելքի այս հաստատութեան, Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարհականներուն որոնք իրենց հմտութեամբ կարողացան ուսանողներուն հաղորդել քրիստոնէական հաւատքը, ճանաչումը եւ կրօնաւորական ու աշխարհիկ գիտութիւնները Փիլիփփեաններու բազմաթիւ սերունդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.