ՊԵնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Եւդոպիայի Դպրեվանքի Մեծաւորներուն Եւ Ժառանգաւորներուն։
Շաբաթ օրը Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Եւդոպիայի դպրեվանքի մեծաւորներն ու ժառանգաւորները,
իրենց պաշտպան սուրբին Սուրբ Ժիւսդան տէ ժագոպիսի` մահուան 150-րդ տարեդարձին առթիւ։
Սրբազան Հայրը մաղթեց որ այս սուրբին օրինակին հետեւելով , վանքին վարդապետնետն ու ժառանագւորները
իրենց կարգին նպաստեն Եւդոպիայի եւ Էրիդերիայի խաղաղ համակեցութեան։ '' Դուք յոյսի
նշան էք, ձեր հասարակութեան'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով՝ մաղթանքս է որ
Հռոմի մէջ ձեր ունեցած փորձառութիւնը նպաստէ խաղաղ համակեցութեան զարգացումին ու ամրապնդումին
երկու ազգերու միջեւ։ Նշենք թէ Եւդոպիոյ քահանայապետական դպրեվանքը հաստատուած է 1930-ին
Վատիկանի այգիին մէջ, եւ այնտեղ միասնաբար կը բնակին եւդոպացի եւ էդերիացի ժառանգաւորները։