2011-01-31 12:50:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը եւ Փետրուար Ամսուայ Ընթացքին Քահանայապետին Նախագահելիք Արարողութիւնները ։


Երկուշաբթի 31 Յունուար 2011, Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կարտինալ Մարգ Ուէլլէթ՝ Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը, ապա Գերապայծառ Խավիէ Էչէվարրիա Րոտրիկէզ՝ Օբուս Տէի Վիճակաւոր Եպիսկոպոսը։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Նախագահելիք Արարողութիւնները Փետրուար Ամսուայ Ընթացքին։
Նորին Սրբութիւնը Փետրուար ամսուայ ընթացքին պիտի գլխաւորէ հետեւեալ արարողութիւնները։
Չորեքշաբթի 2 փետրուարին Տեառընդառաջի տօնին առթիւ՝ Նորին Սրբութւնը ժամը 17.30-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, մասնակցութեամբ՝ Կրօնաւորական Նուիրեալներու Հաստատութիւններուն։
Շաբաթ 5 փետրուարին՝ Նորին Սրբութիւնը պիտի գլխաւորէ Եպիսկոպոսական Օծման արարողութիւնը որ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ առաւօտեան ժամը 10ին։
Երկուշաբթի 21 փետրուարին <<Գոնչիսդորիօ>> սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ սրբադասումներու համար Կարտինալներու Ժողովը







All the contents on this site are copyrighted ©.