2011-01-31 12:46:20

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչներուն Հանդիպումը Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքւ Նոր Նախագահին Հետ Վատիկանի Մէջ։


27 Յունուարին, Վատիկանի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան ժողովին մասնակցող Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան (Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին) եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու), հանդիպում մը ունեցան Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքի նորանշանակ Նախագահ Կարտինալ Գուրթ Գոխի հետ:
Սրբազանները Կարտինալին փոխանցեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւններն ու մասնաւորաբար այս աստուածաբանական երկխօսութեան եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին առնչութեամբ ունեցած պատկերացումներն ու ակնկալութիւնները:
Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ որ Կարտինալը աւելի մօտէն ծանօթանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին առաքելութեան եւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներուն վկայութեան ու ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Յայտնենք, թէ Հռոմի մէջ գտնուած օրերուն, Նարեկ Սրբազան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքի նախկին Նախագահ Կարտինալ Վալդեր Գասպարին եւ Եպիսկոպոսներու Կապի Նախագահ Կարտինալ Մարք Ուլէթի հետ ու անոնց փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները:
Սրբազանը նաեւ հարցազրոյցներ ունեցաւ Ռատիօ Վատիկանի եւ ՙԹելէ Փաչէ՚ հեռատեսիլի կայանին հետ:
Նշենք թէ 24-29 Յունուար 2011ին, Վատիկանի մէջ, գումարուեցաւ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան ութերորդ ժողովը:
Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան: Յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան:
25 Յունուարին, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում մը ունեցան եւ քննարկեցին իրենց Եկեղեցիներուն առնչուած միջ-եկեղեցական հարցեր: Նոյն երեկոյեան, աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնաժողովի բոլոր անդամները ներկայ գտնուեցան Ս. Պօղոս Տաճարին մէջ քրիստոնէական միութեան շաբաթին առթիւ Ն.Ս. Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին նախագահութեամբ կատարուած երեկոյեան ժամերգութեան:
26-28 Յունուարին, յանձնաժողովը քննարկեց ՙՄինչեւ 5րդ դարուն կէսը Եկեղեցիներուն միջեւ եղած հաղորդութիւնն ու հաղորդակցութիւնը եւ վանականութեան դերակատարութիւնը՚ նիւթը:
27 Յունուարին, Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքի նորանշանակ Նախագահ Կարտինալ Գուրթ Գոխ պաշտօնական ընթրիքով պատուեց յանձնաժողովի անդամները:
28 Յունուարին, յանձնաժողովի անդամները պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Ն.Ս. Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին:
Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան իններորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 16-23 Յունուար 2012-ին, Եթովպիոյ մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.