2011-01-31 12:53:48

«ԱՆԻ» Միութեան 30-ամեակի Նշում Թեհրանի Մէջ։


Հայ ուսանողական «Չարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ 13 յունուարին նշուեցաւ «Հայ կին» միութեան կից Սարդարապատ քաղաքամասին մէջ գործող «Անի» միութեան հիմնադրութեան եւ գործունէութեան 30-ամեայ յոբելեանը: Ծրագիրի սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ «Անի»միութեան 30-ամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան նախագահ Նազիկ Մանասեան: Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան՝ Հայ ուսանողական «Չարմահալ» միութեան յարկին տակ գործող «Ակունք» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավար՝ Կարինէ Մանուչերեան, Հայ մշակութային «Սիփան» միութեան «Նոր դար» ասմունքի խումբը, ղեկավար՝ Անժել Մինասեան, եւ «Հայ կին» միութեան կից «Անահիտ» միութեան «Զուարթնոց» երգչախումբը ղեկավար՝ Էդիկ Թամրազեան: Ներկայացուեցան նաեւ ասմունքներ եւ դաշնակի կատարումներ: Այնուհետեւ կարդացուեցաւ «Հայ կին» միութեան խօսքը՝ «Անի» միութեան 30-ամեայ յոբելեանին առիթով։ Աւարտին իր օրհնութեան ու շնորհաւորական խօսքը արտասանեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.