2011-01-30 10:47:01

Վերածնունդի առիթ մը Հայ Ազգին։ Փարիզի Միջազգային ուսանողներու ոստանին մէջ հայկական օճախի կառուցումը։


Վերածնունդ։ Այս բառով կարելի է սահմանել Փարիզի Միջազգային ուսանողներու ոստանին մէջ հայկական օճախի կառուցումը, որուն նպատակն էր դիմաւորել աշխարհի չորս ծագերէն Փարիզ ժամանած ուսանողները՝ ապաստան տալով անոնց։
1927 թուականին դիւանագէտ, բարերար Պօղոս Նուպար փաշան երեք միլիոն Ֆրանսական ոսկի նուիրատուութիւն կատարած է հայ ուսանողներու տան կառուցման համար։ Մտահոգուած իր ծրագիրի յաջողութեամբ, աւելի ուշ ան 400 հազար ոսկիէ ֆրանկ եւս կը նուիրէ։
Հարկ է նշել, որ այս տունը գերազանցօրէն կը ցոլացնէ հայ աւանդական ճարտարապետութիւնը։ Մեծ եղեռնէն տասը տարիներ ետք, հայ ազգը որբացած էր իր մտաւորականութենէն, որոնք զոհերն եղան ջարդերուն եւ աքսորին։
Պօղոս Նուպար փաշան, որ հեռատեսութեամբ օժտուած անձ մըն էր, այս ծանր կացութենէն մտահոգ, կ'ուզէր ներդրում ունենալ հայ մտաւորական ընտրանի սերունդ մը պատրաստելու գծով։ Այս մասին կը նշէ կառոյցի ներկայ տնօրէն, պատմաբան Սահակ Սուքիասեան։
Ներկայիս տան բնակիչները յատուկ պայմաններ կը վայլեն՝ արդիական չափանիշներով համապատասխան հանգստաւէտ բնակավայրի մը մէջ ապրելով։
Տօնել եւ յիշել 80-ամեակի առթիւ տարբեր տեսակ հանդիսութիւններ կայացան։ ։ Յիշենք նաեւ Մարի Նուպար Բարեկամներուն միութիւնը, որ 30 տարի նիւթապէս նեցուկ կը կանգնի տան բնակիչներուն։ Մաղթենք միայն, որ նախկին բնակիչները իրենց կապը ամուր պահեն իրենց կեանքի փարոսին հետ՝ օգնելով Հայ տան գոյատեւման, որպէսզի կենդանի պահեն Պօղոս Նուպար փաշայի երազը։








All the contents on this site are copyrighted ©.