2011-01-30 10:57:46

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Հիւանդին համաշխարհային օրուան առթիւ. Ընկերութիւն մը ոչ չ'ընդունիր տառապողները անգութ է եւ տմարդի։։


Յառաջիկայ փետրուար 11 տօնն է Լուրտի Տիրամօր եւ հիւանդին համաշխարհային օր է։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է հիւանդին 19րդ օրուան առթիւ։ Պատգամը հրապարակուած է անցեալ 18 դեկտեմբերին։ Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ'ընդգծէ թէ ընկերութիւն մը որ չի յաջողիր ընդունիլ տառապողները անգութ եւ տմարդի ընկերութիւն մըն է։ Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց իշխանութիւնները որ աւելի ներառում կատարեն առողջապահական կառոյցներու լաւագոյնս օգնելու եւ նեցուկ կենալու հիւանդներուն եւ մասնաւորապէս ինչազուրկ հիւանդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.