2011-01-30 09:56:27

ԿԱՐԵԼ ՀԱՆՍԱ :Հայ Ազգի Բարեկամ Նշանաւոր Դէմքեր։


Չեխ ճանապարհորդ եւ գրող Կարել Հանսան ծնած է 1890 թուականի Նոյեմբեր 25-ին Վիեննայի մէջ, իսկ 1919 թուականին տեղափոխուած է Փրակա։

1922ին ան ճամբորդեց Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները. Պոլիսէն նաւով ուղեւորուեցաւ Իզմիր, ապա՝` Պէյրութ եւ Հալէպ։ Հանդիպելով փողոցներու եւ վրաններու մէջ ապրող հայ գաղթականներուն, ականատես եղաւ անոնց թշուառ վիճակին եւ կրած տառապանքներուն։

Հալէպի մէջ Կարել Հանսան ծանօթացաւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան գործունէութեան եւ ոգեւորուեցաւ անոր ծաւալած մարդասիրական աշխատանքով։ Ան միացաւ ութ հազար հայ որբեր Սուրիա տեղափոխելու կազմակերպութեան ծրագրին։ Լիբանանի դանիական որբանոցին մէջ հանդիպեցաւ Մարիա Եակոբսոնի հետ։ 1922ի վերջաւորութեան Կ. Հանսան Պէյրութէն վերադարձաւ Եւրոպա այն նաւով, որով 896 յոյն որբ երեխայ կը տեղափոխուէր Աթէնք։ Մերձաւոր Արեւելքին մէջ տեսածն ու զգացածը խոր ազդեցութիւն ձգեց Հանսայի վրայ։ Հայրենիք վերադառնալով՝` ան ստեղծեց Հայ Որբերու Օգնութեան Հանսայի հիմնադրամը, որը սկսաւ գործել Չեխոսլովակիայի Կարմիր Խաչ կազմակերպութեան կից։

1923ին հրատարակեց ՝՝Արեւելքի Սարսափները՝՝ խորագիրը կրող գիրքը, ուր անդրադարձաւ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին, ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներուն ու բազմահազար որբերու եւ այրիներու ողբերգական վիճակին։ Գիրքի հարուստ նիւթը յագեցած է նաեւ ճամբորդութեան ընթացքին հեղինակի կատարած մօտ 60 լուսանկարով։ Չեխ հայասէրի նախաձեռնութեամբ գիրքի վաճառքի հասոյթը կը տրամադրուի Հայ Որբերու Օգնութեան Հանսայի ֆոնտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.