2011-01-29 11:25:44

Ցոյցերու Չորրորդ Օրը Եգիպտոսի Մէջ։ ՝՝Զայրոյթի Ուրբաթը՝՝ Բուռն Բախումներու Տեղի Տուաւ:Քաոսային վիճակ Եգիպտոսի Գլխաւոր քաղաքաներուն Մէջ։ Այսօր պիտի ներկայացուի նոր գործադիր կառավարութիւնը որ երէկ գիշեր խոստացաւ Հիւսնիւ Միւպարէք ժողովուրդին ուղղած իր հեռուստապատգամին մէջ ։


Եգիպտոսի մէջ բողոքի ցոյցերը չորրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան։ Եգիպտական ոստիկանութիւնը քաղաքներուն ապահովութիւնը մեծ թիւերով ամրապնդեց՝ առ ի պատրաստութիւն «զայրոյթի ուրբաթ»ի դիմագրաւման։ Ապահովական ուժերը այդ միջոցառումներուն ծիրին մէջ փակեցին Գահիրէի Ազատութեան հրապարակը եւ մինչեւ իսկ արգիլեցին Օմար Մաքրամ մզկիթին մէջ ուրբաթ օրուան նամազը։ Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին զգուշացուց, որ ցուցարարներուն դէմ խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրէ, եթէ փողոց դուրս գան։ Եգիպտոսի իշխանութիւնները դադրեցուցին երկրին տարածքին համացանցի, բջիջային հեռաձայնի, ինչպէս նաեւ բջիջային հեռաձայնով կարճ պատգամներու ծառայութիւնները։ Տիրող կացութեան մէջ օտար լրատուամիջոցներու եւ լրատու գործակալութեանց աշխատանքները դժուարացան։
Ուրբաթ օրուան նամազի աւարտէն ետք Եգիպտոսի տարբեր քաղաքներուն մէջ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումները սկսան։ Անոնք ծաւալելով ներառեցին քաղաքներ, ուր նախորդ երեք օրերուն ցոյցեր տեղի չէին ունեցած։
Գահիրէի մէջ ցոյցերը ընդլայնելով ներառեցին հարուստ դասակարգի թաղամասերը։ Ապահովական ուժերը փակեցին «6 հոկտեմբեր» կամուրջը՝ ջանալով արգելք հանդիսանալ ցուցարարներու շարժումներուն, սակայն անոնք մինչեւ իսկ հաւաքուեցան նախագահական պալատին մօտ։ Բախումներուն պատճառով կեդրոնական Գահիրէի մէջ հրդեհներ յառաջացան։
Ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, սակայն անոնց թիւը անյայտ կը մնայ։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Միւպարէքին կոչ ուղղեց՝ քաղաքական բարեփոխումներ կատարելու։ Արդէն երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խօսացկութիւն մը Օպամայի եւ Հիւսնիւ Միւպարէքի միջեւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.