2011-01-29 11:17:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Նորին Սրբութիւնը Շաբաթ 29 Յունուար 2011-ի՝ ժամը 11-ին, Քահանայապետերու սրահին մէջ ընդունեց Եւդոպական Քահանայապետական Վարժարանի հասարակութիւնը Թիւով 20 հոգի, Սուրբ Ճուսդինօ Տէ Եագոպիսի ծննդեան 150 ամեակին առիթով։
Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ Ճառ մը արտասանեց, որուն մէջ խօսեցաւ Սուրբ Ճուսդինօ Տէ Եագոպիսի մասին ու անոր առաքելութեան Եւդոպիայի եւ Էրիթրէայի մէջ։ Սուրբ Ճուսդինօ Տէ Եագոպիսի ժրաջան աշխատանքին եւ նուիրումին համար Էրիթրէացի Քահանանաներ պատրաստելու գործին մէջ,ըսաւ Սրբազան հայրը, ան նկատուած է ձեր Վարժարանի Պաշպան Սուրբը։ Քրիստոս կը շարունակէ ապրիլ աշխարհի մէջ ու գործել Ճուսդինօ Տէ Եագոպիսի պես մարդոց միջոցաւ։ Քրիստոսը անբաժանելի է եկեղեցիէն որ իր մարմինն է։ Եկեղեցւոյ միջոցաւ է որ Քրիստոս կը միանայ մկրտուողներուն եւ անոնց սնունդ կու տայ հաղորդութեան միջոցաւ։
Սուրբերը պարզ զարդարանք մը չեն եկեղեցւոյ համար այլ ծառի մը ծիլերու նման անոնք կը սնուցանեն եկեղեցւոյ կեանքը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց Եւդոպական Քահանայապետական Վարժարանի հասարակութիւնը շարունակելու իրենց նուիրական կեանքը եւ ընթանալու Սրբութեան Ճանապարհի վրայ։ Վստահ եմ, եզրափակեց նորին սրբութիւնը, որ Հռոմի հետ ձեր ապրած հաղորդակցութիւնը պիտի կարենայ օժանդակել ձեր երկիրներու բարելաւման եւ խաղաղ ու համերաշխ կենակցութեան։ Ձեզ կը յիշեմ իմ աղօթքներուս մէջ Աստուածամօր եւ Սուրբ Ճուսդինօ Տէ Եագոպիսի բարեխօսութեամբ, կ՛օրհնեմ ձեզ ու ձեր սիրելիները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.