2011-01-29 11:35:30

Ոչ եւս է Հայ արուեստագէտ՝ Շարթը։


Հայազգի մեծ արուեստագէտ Շարթ՝ բուն անունով Սարգիս Արթինեան իր մահկանացուն կնքեց անցեալ շաբաթ։
Ան ծնած էր 23 Դեկտեմբեր 1927-ին Պէյրութի մէջ։
Յաճախած էր Սան Կրէկուար Յիսուսեաններու դպրոցը (Էշրէֆիէ թաղամասի մէջ-Պէյրութ),
Փոքր հասակին արդէն արուեստագէտներու ուշադրութիւնը գրաւած էր երբ 15 տարեկանին անգլիական FFL GEOGRAFIQUE ընկերութիւնը կը խնդրէ իրմէ՝ որ իրենց քարտէսները ՜՜ինք գծէ եւ պատրաստէ՝՝ ընկերութեան համար։
1947-ին Փարիզ կը հաստատուի ուր cité Universitaire-ի մէջ ( գիրքեր կարդալով եւ հանդիպումներ ունենալով) ինքզինք կը զարգացնէ առանց ոեւէ մէկու մը օգնութեան։
Այդ տարին է որ կը հանդիպի նշանաւոր արուեստագէտ CARZOU-ին։
Շարթի առաջին գործերը եղան թերթերու եւ հեռուստատեսիլի ծանուցումներու պատրաստութիւնը։ Ան՝ պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը գրաւեց երբ ՜՜Pubblicité Lu-ն՝՝ հնարեց։
1951-ին մրցանակի արժանացաւ ֆինլանտյի Ուբսալա քաղաքի մէջ։ 1954 կ՝ամուսնանայ Մարի Կարվառենցի հետ։
Շարթի գործերը ցուցադրուած են աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ ։
Հարիւրաւոր ցուցադրութիւններ կազմակերպած է առաջինը 1952-ին Պէյրութի մէջ, ապա Շուէտ, Հոլլանտա, Նորվէկիա, ԱՄՆ ի զանազան քաղաքներու մէջ, Տանիմարք, Փարիզ , Նիւ Եորք, Գերմանիա, Սպանիա եւ այլուր։
Իր նկարները կը գտնուին զանազան քաղաքներու նշանաւոր թանգարաններուն մէջ, նաեւ՝ Զմմառու վանքի եւ Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան հայրերու թանգարաններուն մէջ)
Գրեթէ 10 գիրքեր եւ ալպոմներ գրուեցան իր գործերուն եւ կեանքին մասին։
Հայազգի մեծ արուեստագէտը՝ Շարթ , իր կեանքի վերջին վայրկեանները անցուց իր աշխատանոցի մէջ որ ինք իր ձեռքերով շինած էր,ան իր վերջին շունչը տուաւ իր աշխատանոցին մէջ, մինչ իր ձեռքի գրիչով կ՝ուզէր շարունակել իր արուեստը, զայն աւելի հարստացնելու համար, ինչպէս Molière որ մեռաւ իր սիրած թատրոնին մէջ։
Իր վերջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, որ մեծ յաջողութիւն գտաւ. եւ իր բոլոր գործերը ծախուեցան։
Շարթի թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 18 յունուարին ֆրանսայի Արնուվիլ քաղաքի՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ հայազգի եւ ոչ հայ (մեծ թիւով) արուեստագէտներու, որոնց մէջ նշմարելի էր ներկայութիւնը հայազգի հանրածանօթ երգիչ Շարլ Ազնաւոր։
Արարողութիւնը նախագահեց հանգուցեալին բարեկամը՝ Հայր Յարութիւն Պզտիկեան (Մխիթարեան ուխտէն) ինչպէս նաեւ՝ Փարիզի եւ Արնուվիլի կաթողիկէ Հայոց ժողովրդապետը՝ Գերապատիւ Հ Գէորգ վրդ Ասատուրեան։
Հայր Յարութիւն Պզտիկեան թաղման արարողութեան ժամանակ իր սրտի խօսքը արտասանեց որուն ընթացքին ան յատկապէս ըսաւ.
՜՜Այս մարդուն մէջ նենգութիւն չկայ, մենք ազնիւ հոգի մը կորսնցուցինք, ընտանիքի հայր մը, կատարեալ եւ ազնիւ արուեստագէտ մը , որ՝ մինչեւ վերջ շարունակեց կատարել իր ստեղծագործութիւնը՝՝։ Շարթ՝ մարդ մըն էր ըստ պատկերին Աստուծոյ, հաւատացեալ մարդ, կառչած իր հաւատքին եւ հայրենիքին։ Մարդ մը որ ոչ մէկ թշնամի ունեցաւ, ան ամէնէն յարգուած եւ սիրուած էր։ Տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ առատաձեռն մարդ։
Մարդ մը որ միշտ կ՝ըսէր թէ ՜՜Ես գործիք մըն են Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ՝՝ ան հաւատարիմ էր նաեւ կրօնական պարտականութիւններուն, կիրակի օրերու պատարագի յաճախող մը։
Նշենք թէ՝ Շարթի ամենագեղեցիկ գործերը եղած են. ՜՜la descente de la Croix՝՝ եւ ՜՜Madre dolorosa՝՝ ն։
Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, ներկաները բոլորը միասին ուղղուեցան Արնուվիլի դամբարանը եւ իր մարմինը դրուեցաւ հողին մէջ, ու հոգին մեկնեցաւ առ Հայր։ Հաղորդելով Շարթի մահուան ու յուղարկաւորութեան լուրը Փարիզի ժողովրդապետը գերապատիւ՝ Հ. Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան ըսաւ նաեւ որ ՜՜ Հայազգի Շարթի մահով ֆրանսահայ եւ լիբանանահայ արուեստագէտները մեծ բարեկամ մը կորսնցուցին, սակայն իր գործերը թէ արուեստի եւ թէ իր բարի գործերը կը մնան ու կը յիշուին միշտ...՝՝։










All the contents on this site are copyrighted ©.