2011-01-29 11:23:27

Գերմանիոյ Լիւտերական Եկեղեցին Կ'ողջունէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Յայտարարութիւնը Հայող՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մասնակցութեան Վերանորոգումի Յոբելեանին ։


Գերմանիոյ լիւտերանական եկեղեցւոյ նախագահը` վերապատուելի ֆրետրիխ իր խնդակցութիւնը յայտնեց Սրբազան Քահանայապետի կատարած այն յայտարարութեան թէ Վերանորոգումի Ե. դարադարձի յոբելեանը պէտք է տօնել համամիութենականօրէն։ Նշենք թէ անցեալ 24 յունուարին գերապատուելի ֆրետերիք Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք մամուլին առջեւ յայտարարեց թէ լիւտերական եկեղեցին պէտք չէ առանձին տօնախմբէ 2017ին Վերանորոգումի յոբելեանը։ Վերապատուելիին համար Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումը յոյժ կարեւոր եղաւ քանի որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կամքը յայտնեց միասնաբար տօնախմբելու այս յոբելեանը։ Ան ընդգծեց որ Սրբազան Քահանայապետին ըսած է թէ համաձայն է քննադատական ու դրական մօտեցում ունենալու հանդէպ վերանորոգիչ Մարթան Լիտերի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ։ Ան նաեւ յայտնեց թէ կաթողիկէ- աւետարանական խառն յանձնախումբ մը պիտի աշխատասիրէ միացեալ յսայտարարութիւն մը հայող Վերանորոգումի ըմբռնումին ու այդ շրջանի համոզումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.