2011-01-29 11:35:49

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ, Մեծարանքի Երեկոյ Ի Պատիւ Անուանի Գեղանկարիչ՝ Հրայրին։


Այս առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ ՜՜Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի՝՝ անուան շքանշանի տուչութիւնը։
Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, հինգշաբթի, 27 յունուարին, Անթիլիասի մայրավանքի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Հրայրի մեծարանքի երեկոյ մը եւ պարգեւատրում։
Հանդիսութեան բացման խօսքը (հայերէնով եւ արաբերէնով) արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ լիբանանահայ գեղանկարիչ՝ Հրայրը, իր ստեղծագործութիւններով դարձաւ արաբական աշխարհին մէջ համաշխարհային վարկ ունեցող արուեստագէտ մը, որ նոյնինքն դարձաւ գեղանկարչական դպրոցի մը հիմնադիրը։Ան հայկական մշակոյթի դեսպանն է, որ ունի խոր երեւակայութիւն։
Խօսք առաւ (ֆրանսերէնով) Քլոտիա Շամուն-Ապի Նատեր եւ (Արաբերէնով) գրող եւ լրագրող Ուալիտ Աուատ որոնք վեր առին արուեստագէտին ոճը, յատուկ ձիրքերը ու նաեւ ծառայութիւնն ու նուիրումը Լիբանանին ու հայութեան համար։
Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին՝ Տաթեւիկ Արթինեան դաշնակի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Գարուն ա»ն, իսկ Սեպուհ Յովակիմեան՝ Պեթհովենի «Մունլայթ»ը։ Ապա Դաւիթ Բէկի օփերայէն հատուած մը երգեց Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան, որուն դաշնակով կ՚ընկերակցէր Սեպուհ Յովնանեան։
Ապա Նորայր եպս. Աշգարեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը ուղղուած՝ մեծարեալ արուեստագէտին, որուն մէջ նշուած է. «Դուք ձեր իւրայատուկ արուեստով գագաթներ նուաճած էք, սակայն միշտ մնացած էք համեստ։ Ձեր ձեռք ձգած նուաճումներով չէք բաւարարուած եւ միշտ աւելի բարձր գագաթներ նուաճելու հաւատք, կամք եւ տեսիլք ունեցած էք։ Այսպէս պէտք է ըլլայ վաւերական արուեստագէտը»։
Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց գեղանկարիչ Հրայրը՝ առ ի գնահատանք արուեստին մէջ իր բազմամեայ ծառայութեան եւ իրագործումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.