2011-01-28 11:57:09

Քրիստոնեայ Նահատակներու Եւրոպական Օր։


Իտալացի ընկերաբան Ինդրովինի, անդամ Եւրոպայի անվատանգութեան ու համագործակցութեան խորհուրդին, խնդրած է Եւրոպայի խորհուրդէն հաստատել ''եւրոպական օր'' քրիստոնեայ նահատակներու համար, ոգեկոչելու մեր ժամանակակից բոլոր այն քրիստոնեաները որոնք նահատակուեցան իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար։ Այդ օրուան նպատակն է պայքարիլ անհանդրժողութեան ու խտրականութեան դէմ։ Ինդրովինի այս առաջարկը ներկայացուցած է 25 յունուարին մինչ Եւրոպայի Խորհուրդը Սդրազպուրկին մէջ ժողով մը գումարուած էր ''յաչս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու դէմ հալածանքին- ի՞նչպիսի պատասխան մը տալ'' նիւթին մասին։ Այդ ժողովին ներկայ էր Հալէպի գաղդիացիներու առաջնորդը յիսուսեան գերապայծառ Անթուան Օտօ եւ ասորի ուղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակը՝ հայր Եուհաննա։








All the contents on this site are copyrighted ©.