2011-01-28 12:08:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Նորին Սրբութիւնը այսօր 28 յունուար 2011-ի առաւօտեան ժամը 11ին՝ իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Գերապայծառ Մարիա Վէլիոն՝ նախագահը գաղթականներու եւ փախստականներու քահանայապետական խորհուրդին, ապա Գերապայածառ Զիկմունդ Զիմովսքին՝ նախագահը Քահանայապետական առողջապահութեան գործիչներու խորհուրդին, հուսկ՝ Գերապայծառ ֆաուսդինօ Սէն Միւնոզ՝ Պապական Նուիրակը իր ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին։
Ժամը 11.45-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Մեծն Պրիտանիոյ դեսպանը՝ ֆրանսիս Մարթին Գզավիէն՝ եկած կատարելու հրաժեշտի այցելութիւն, ինչպէս նաեւ Տիար Սուբրաբթօ Մարթոսէթոմօ՝ Ինտոնէզիայի դեսպանը։
Ժամը 12-ին՝ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Միջին Արեւելքի Ուղղափառ եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի անդամներուն թիւով 30 հոգի, որոնք Հռոմի մէջ մասնակցեցան (25- 28 յունուար) վերոյիշեալ յանձնախումբի տարեկան ժողովին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.