2011-01-28 12:06:23

Հրանդ Տինքի Մասին Գիրքի Թուրք Հեղինակին Դէմ Սպառնալիք։


Թրքական «Պուկիւն» օրաթերթի յօդուածագիր, Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին «Հայ մը կայ.Հրանդ Տինքի Սպանութեան Գաղտնազերծումը» խորագիրով գիրքի թուրք հեղինակ Ատեմ Եավուզ Արսլան անյայտ անձի մը կամ անձերու կողմէ ստացած է տարօրինակ պարունակութեամբ ծրար մը։
Ըստ թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութեան, ծրարին մէջ եղած են Քալաշնիքով տիպի հրազէնի փամփուշտներ եւ մարզական սպիտակ գլխարկ մը ։ Դէպքին առնչութեամբ Եավուզ Արսլանի տունը եկած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցները եւ խուզարկութիւն կատարած։
Թուրք լրագրողը դէպքին առնչութեամբ վրդովմունք յայտնած է՝ նշելով, որ «Աստուծոյ շնորհած կեանքը միայն Աստուած կրնայ առնել»։ Նշենք, որ չորս տարի առաջ Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթ յանցագործութեան պահուն գլխուն վրայ ունէր մարզական սպիտակ գլխարկ մը ։Դէպքին շուրջ տեղի կ՚ունենայ հետաքննութիւն։

Ատեմ Եավուզ Արսլանի գիրքը Տինքի սպանութեան մասին, հանրութեան անծանօթ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ։ Արսլան վերջերս, տասը օր առաջ Թուրքիոյ գրախանութներուն մէջ յայտնուած գիրքէն օրինակ մը նուիրեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.