2011-01-28 11:57:55

Հայոց Բանակի Օրուան Առթիւ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պարգեւատրեց Խումբ Մը Զինուորականներ Եւ Մարտիկներ։


Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով՝ ՜՜Բանակին օր՝՝ուան առիթով՝ Հայաստանի զինեալ ուժերու խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան մետալներով։Հայրենի Նախագահը իր նստավայրին մէջ ընդունլով զինուորները եւ ազատամարտիկները շնորհաւորեց եւ յանձնեց անոնց պարգեւներ։Իր խօսքին մէջ Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ ՜՜Իսկական տղամարդու գործ է ուսադիր կրելը եւ հայրենիքին ծառայելը, իսկ շատ պատուաբեր է ուսադիր կրելը եւ հայրենիքին լաւ ծառայելը։ Դուք Թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ միջազգային առաքելութիւններուն մէջ, պատիւով կը կատարէք ձեր գործը՝՝։
՜՜Հայոց Բանակ՝՝ի օրուան առիթով՝ ըստ աւանդոյթի, 27 Յունուարին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիսապետեց Ս. Պատարագը զոր մատոյց բանակի հոգեւոր առաջնորդը՝ Վրթանէս եպ. Աբրահամեան։
Արարողութեան ընթացքին Սրբազանը, յաւուր պատշաճի իր խօսքին մէջ, ներկայացուց հայոց բանակի կարեւորութիւնն ու դերը, հայոց պետականութեան պահպանման եւ ամրապնդման գործին մէջ։
Իր խօսքին մէջ սրբազանը մասնաւորապէս նշեց թէ՝ ՜՜Ցանկացած երկրի զօրութիւնը, խաղաղութիւնը հաստատողն ու ամրապնդողը բանակն է։ Քանի դեռ երկրի վրայ տիեզերածաւալ խաղաղութիւն եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն չէ հաստատուած։ Բանակը անհրաժեշտ պայման կը մնայ պետութիւններու ներքին անդորրութիւնը ապահովելու համար՝՝։ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները յղեց ներկաներուն, ըսելով. ՜՜Գեղեցիկ աւանդոյթ է, որ ամէն տարի բանակի օրուայ առթիւ Հայոց բանակի հրամանատարական կազմը, գլխաւորութեամբ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար՝ Սեյրան Օհանեանին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին կու գայ, իր աղօթքն բարձրացնելու առ Աստուած եւ իր ուխտը կատարելու Ս. Սեղանին առջեւ, նաեւ՝ աղօթելու հաւատաւոր հայ զաւակներուն եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբաններուն հետ եւ հայցելու, որ Տէրն անսասան պահէ Հայաստան երկիրը եւ հզօր ու յաղթական հայոց բանակը։
Այնուհետեւ Վեհափառը Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Ներսէս Շնորհալիի պատուոյ շքանշանով պարգեւատրեց՝ Հ Հ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը՝ գնդապետ Դ. Տօնոյեան, եւ Գլխաւոր շտապի առաջին տեղակալը՝ զօրավար Է. Ապրիամով։








All the contents on this site are copyrighted ©.