Երէկ Պաղտատի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Շուլա շրջանին մէջ Մոհամետ մարգարէին թոռան՝
Հիւսէյնի սպանութեան քառասունքին առիթով կազմակերպուած սգատօնի մը դէմ կատարուած ականահարումի
մը պատճառով արձանագրուեցան 80 զոհեր եւ 75 վիրաւորներ ։ Նշենք, որ 18 յունուարէն
ի վեր Իրաքի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն պատճառով արձանագրուած
են առնուազն 150 զոհեր եւ աւելի քան 500 վիրաւորներ։