2011-01-28 12:07:50

Եգիպտոսի Մէջ Բողոքներու Ծաւալում Միւպարէքի դէմ,Այսօր եւս Կը Նախատեսուին Ցոյցեր,Ուրբաթ Օրուայ Աղօթքի Վերջաւորութեան։


Մինչ ականաւոր քաղաքագէտ Մոհամետ Պարատէի Եգիպտոս վերադարձաւ,մասնակցելու համար նախագահ Հիւսնի Մուպարաքը իշխանութենէն հեռացնելու ձգտող ցոյցերուն, եգիպտական ոստիկանութիւնը երէկ երկրի երկու քաղաքներուն մէջ բախում ունեցաւ ցուցարարներուն հետ։
Ցուցարարները Սուեզ քաղաքին մէջ ոստիկանատուն մը հրկիզեցին,հակադարձելով այս շաբթուան սկիզբը երեք ցուցարարներու սպանութեան։
Միւս կողմէ՝ Մոհամետ Պարատէի ՝՝Ռոյթըրզ՝՝ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Վիեննայէն Եգիպտոս մեկնած է մասնակցելու համար ցոյցերուն, յայտնելով, որ ժամանակը հասած է որ ՝՝Միւպարաք մէկ կողմ քաշուի՝՝։
Իսկ ՝՝Արապիա՝՝ պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազը երէկ 40 ցուցարարներ ՝՝վարչակարգը տապալելու յանցանքով՝՝ ամբաստանած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.