2011-01-28 11:56:49

Բարոյական Արժէքներու Կորուստին Ի Տես Եկեղեցին Պէտք Է Պատշաճեցնէ Իր Առաքելութեան Մօտեցումը Ներկայ Պայմաններուն. Այսպէս Կը Գրէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Առաքելութեան Օրուան Համար Ուղղած Պատգամին Մէջ։


Յառաջիկայ 23 հոկտեմբեր 2011-ը առաքեալութեան համաշխարհային օրն է։
Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է քրիստոնեայ աշխարհին ընդգծելով թէ Եկեղեցին պէտք է բարեփոխէ եւ պատշաճեցնէ իր առաքելութեան հովուական եղանակը, յաչս աշխարհի մը՝ որուն մշակոյթը հեռու է բարոյական արժէքներէն։
Նորին Սրբութիւնը 25 մայիսին հրապարակած պատգամին մէջ ցաւով դիտել տուած է թէ ''Ներկայ աշխարհականացումը մարդիկը մղեց հետամուտ ըլլալու դիւրին կերպով դրամ շահելու փնտռտուքին, ցայտուն դիրք մը ունենալու ընկերութեան մէջ եւ այսպէսով յարաբերականութիւնը տէր դարձած է'' ։ Սրբազան Քահանայապետին գնահատումով քրիստոնեաները կարող չեն անտարբեր մնալ այն եղելութեան որ քրիստոնէութեան ծնունդէն երկու հազար տարի ետք, տակաւին գոյութիւն ունին ժողովուրդներ որոնք տակաւին չեն ճանչնար Քրիստոսը։
Ասոր համար Սրբազան Հայրը կը խնդրէ որ ՜՜քարոզչութեան հովուական եղանակը բարեփոխուի ու պատշաճի ներկայ իրավիճակին, ներառեալ նոր աւետարանութիւնը՝՝։ Սրբազան Հայրը դիտել կու տայ թէ շատեր թէեւ ընդունեցան մկրտութիւնը սակայն հեռացած են եկեղեցիէն, ուստի՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հարկաւոր է վերաւետարանել ժողովուրդը, եւ ասիկա կարելի պիտի ըլլայ օգնութեան հասնելով ընչազուրկերուն, հիւանդներուն ու բանտարկեալներուն, ինչպէս նաեւ բանալով դարմանատուներ ու կրթական կեդրոններ ։ Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ կը գրէ թէ ՜՜աւետարանութիւնը չի կրնար անտեսել մարդու յառաջդիմութեան, արդարութեան եւ մարդու զանազան կապանքներէն ազատագրման նիւթերը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.