2011-01-27 12:19:02

Հրեաներու Ողջակիզումին Յիշատակութիւնը .


Այսօր 27 Յունուար կը յիշատակուի Հրեաներու Ողջակիզումի Միջազգային Օրը,որդեգրուած Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան այն է ՄԱԿ-ի կողմէ 2005-ին։ Իտալիոյ մէջ այս ՝՝Յիշատակսութեան Օր-ը՝՝ հաստատուեցաւ 2000 թուականին,Իտալիոյ Խորհրդարանի կողմէ յիշատակելու համար Շօան (Ողջակիզում), ցեղային օրէնքները, իտալացի հրեայ քաղաքացիներու ենթարկուած հալածանքները ,իտալացիները որոնք տեղահանուեցան,բանտարկուեցան եւ մեռան,ու նաեւ յիշելու համար բոլոր անոնք որոնք տարբեր ճակատներէ ,տարբեր դիրքերէ դէմ կեցան հրեաներու բնաջնջումին ,եւ վտանգելով նոյնիսկ իրենց կեանքը ազատեցին այլ կեանքեր ,եւ պաշտպանեցին հալածուած անձերը։ Եւրոպայի Հրեաներու Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան ընտրուած թուականը ՝՝27 Յունուարը՝՝ այն թուականն է յորում 1945-ի՝ 27 Յունուարին Սովետական Զօրախումբերը վար կ՝առնէին Աուշվիցի տխրահռչակ կեդրոնացման ճամբարի վանդակապատերը։ Այսօր Իտալիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, բանախօսութիւններ, այցելութիւններ տեղի կ՝ունենան Թանգարանները ու Սինակոկները,խորհրդածութիւներ,հանդիպումներ կը կազմակերպուին,մասնաւորապէս դպրոցներու մէջ ՝՝ուր վիճարկումի նիւթ կ՝ըլլայ այն ինչ որ պատահեցաւ Հրեայ ժողովուրդին,այն ինչ որ պատահեցաւ իտալացի զինուորական ու քաղաքական տարագրեալներուն՝ նացիական կեդրոնացման ճամբարներու մէջ,որպէսզի ապագային ՝ Իտալիան պահպանէ ողբերգական եւ մութ իր պատմութեան այդ շրջանի յիշատակը ,եւ որպէսզի նման արարքներ երբէք ու երբէք տեղի չունենան՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.