2011-01-26 14:00:57

Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուայ Եզրափակումը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. Պօղոս պազելիքայյի մէջ եզրափակեց քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, հրաւիրերլով Աստուծոյ ժողովուրդը չվհատելու։
Քրիստոնեաները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ, պէտք չէ որ յուսալքուին ու յոռետես ըլլան, եթէ կ'ուզեն կատարել Յիսուսի հրամանը ''Թող մէկ ըլլան''։
Սրբազան Հայրը իր այս քարոզը արտասանեց Հռոմի Ս. Պօղոս պազելիքայի մէջ հանդիսապետելով երեկոյեան ժամասացութիւնը ու եզրափակելով քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։
՜՜Քաջատեղեակ ենք որ տակաւին շատ հեռու ենք միութենէն որուն համար Յիսուս աղօթեց՝՝ (ըսաւ Սրբազան Հայրը քոյր եկեղեցիներու զանազան ներկայացուցիչներու առջեւ, որոնք եւս աղօթքի իրենց մասնակցութիւնը բերին) սակայն եւ այնպէս քրիստոնեաներու միութեան իրագործումը հրամայական է եւ մեր յոյսը պէտք է դնենք Ս. Հոգւոյ վրայ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ միութեան կը հասնինք լուրջ երկխօսութեան ճամբով , խորացնելով աստուածաբանական, ծիսական ու հոգեւոր ժառանգութիւնը, փոխադարձ ճանաչումով ու նոր սերունդի համամիութենական կազմաւորումով եւ յատկապէս սրտի դարձով ու աղօթքով։
Նշենք թէ ծիսակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին կաթողիկէ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական խառն յանձնախումբի անդամները, որոնք ներկայիս Հռոմի մէջ իրենց հերթական ժողովը կը կատարեն։
Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ մաղթեց որ այս կլոր սեղանները յաջողութեամբ պսակուին։
Արեւելեան ուղափառ եկեղեցիներուն մաս կը կազմեն Հայ, Ղպտի, Ասորի, Եւթոպական, Ասորի Մալանքար ու Էրիդիայի եկեեղեցիները։ Նոյնպէս ներկայ էին վերապատուելի Ռիչարտցոն՝ ներկայացուցիչը Անկլիգան եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ մետրապոլիտ Ճեննարիոս՝ մետրապոլիտը Իտալիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.