2011-01-25 09:34:05

Սուրբ Պօղոսի դարձի յիշատակութիւն։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կը Գլխաւորէ Երեկոյեան Ժամերգութիւն:


Սուրբ Պօղոսի դարձի յիշատակութեան եւ Քրիստոնեաներու Միութեան շաբթուայ փակման առիթներով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այսօր յետ միջօրէի ժամը 17.30-ին Հռոմի Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը։ Նշենք որ Քրիստոնեաներու Միութեան շաբթուայ խորագիրն էր <<Միացած առաքեալներու դաստիարակութեամբ, հաղորդութեամբ, հացը բեկանելով ու աղօթքով>>։Ժամերգութեան կը մասնակցին նաեւ քոյր եկեղեցիներու Հռոմ գտնուող՝ ներկայացուցիչներ որոնք հռոմ ժամանած են մասնակցելու 24էն 28 յունուար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հին Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.