2011-01-25 12:40:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հեռագիրը Ի Լուր Մոսկուայի Օդակայանի Մէջ Ահաբեկչական Պայթումին


Իմանալով Մոսկուայի օդակայանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումին լուրը, որ պատճառղց բազմաթիւ զոհեր, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ռուսիոյ Նախագահ Տիմիթրի Մէտվիէտեւին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի ստորագրութեամբ՝ որուն մէջ յայտնեց իր ցաւը եւ դատապարտեց այս ոճրագործ արարքը իր մօտիկութիւնը յայտնեց զոհերու ընտանեկան պարագաներուն անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.