2011-01-25 12:14:17

Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Քրիստոնէական Միութեան Շաբթուան


Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս աւանդութեան վերածուած է, որ ամէն տարի Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթուան ընթացքին, աշխարհի բոլոր կողմերը Քրիստոնեաներ միասնաբար աղօթեն՝ Քրիստոնէական Միութեան համար: Այս առիթով նաեւ կը կազմակերպուին եկեղեցական արարողութիւններ, տարբեր շրջաններէ ներս կողք-կողքի ապրող քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ, ինչպէս նաեւ տեղի կ’ունենան սոյն նիւթը արծարծող դասախօսական ձեռնարկներ:
Այս տարի, Լիբանանի մէջ երեք տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցան Քրիստոնէական Միութեան Շաբթուան ձեռնարկներ:
ա) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի տեղի ունեցաւ Միութեան Շաբթուան եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւնը, մասնակցութեամբ շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն ու եկեղեցական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն: Սոյն արարողութեան ընթացքին, արաբերէն լեզուով խօսք առաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբաններէն Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան:
Յաւարտ եկեղեցական արարողութեան, Մայրավանքի ՙԿիլիկիա Թանգարան՚ի սրահին մէջ հայ եկեղեցւոյ մասին դասախօսեց երէցկին Մանէ Միսիրեան:
բ) Քրիստոնէական Միութեան Շաբթուան երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդանիստ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Լիբանանահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի: Գեղամ Սրբազան այս առիթով արաբերէն լեզուով հանդէս եկաւ, Քրիստոնէական Միութեան Շաբթուան առիթով կազմակերպուած աղօթքի պահուան խորհրդածութիւնը կատարելով, ու շեշտելով Հայ Եկեղեցւոյ կատարած երկխօսութիւնը քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու հետ, որոնք դարերու վրայ տարածուած պատմութիւն ունին:
գ) Պէյրութի մէջ, ֆրանսախօս եկեղեցիներու յատուկ Միութեան Շաբթուայ աղօթք ու դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ, կազմակերպութեամբ Վեր. Ռ. Սարգիսեանի: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին, սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զօպույեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.