2011-01-25 12:41:22

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ցաւակցագիրը Բազմավաստակ Հայագէտ Հերման Կոլցի Մահուան Ի Լուր։


Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական ցաւակցագրով իր գնահատանքը յայտնեց Գերմանացի հայագէտ Հերման Կոլցին, անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 14 Յունուարին ( 2011) Գերմանիոյ մէջ:
Վեհափառին ցաւակցագիրը գերմաներէն լեզուով ընթերցեց Իշխան Չիֆթճեան, հանգուցեալի այրիին ու անոր զաւակներուն յայտնելով Վեհափառին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վշտակցութիւնը այս մեծ կորուստին համար. ցաւակցագիրին մէջ Արամ Ա յատկապէս կը նշէ հանգուցեալին սատարը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ու նաեւ Հայաստանի, Ղարաբաղի ու հայ դատի հարցերուն։
Ան երկու առիթներով, գրած է Արամ Ա. իր ցաւակցական գիրին մէջ, եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնին մէջ, Անթիլիաս, Լիբանան, եւ ինքն էր որ կազմակերպեց Հալէյի մէջ պատմական նշանակութիւն ունեցող ցուցահանդէսը, եւ այդ առիթով իր գլխաւորութեամբ հրատարակուեցաւ ՜՜Կիլիկիայէն փրկուած Հայերու Գանձերը՝՝ խորագրով հատորը, որ վստահաբար նոր էջ մը բացաւ հայ եւ գերմանացի ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու բարեկամութեան մէջ: Հերման Կոլցը նաեւ հայկական ցեպասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ բերաւ օգտաշատ մասնակցութեան ճամբով: Արդարեւ, հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան մասին ան ո՜չ միայն գրեց ու խօսեցաւ, այլ նաեւ կարեւոր դեր ունեցաւ Եոհաննես Լեփսիուսի արխիւներու դասաւորման ու հրատարակութեան մէջ: Ան նաեւ 1998–ին Հալէյի համալսարանին մէջ հիմնեց հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը: Իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ Հերման Կոլց ցուցաբերեց կազմակերպուածութիւն, հետեւողականութիւն ու նուիրում: Ան հաւատաց գործակցութեան ճամբով եկեղեցիներու միութեան գործնական արտայայտութիւն տալու հրամայականին: Ան հաւատաց մարդկային իրաւունքներու կենսական կարեւորութեան եւ իր աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուց հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման:
Հերման Կոլցի մահը կորուստ մըն է գերմանական եկեղեցիներու, էքիւմենիք շարժումին ու նաեւ կորուստ մը հայ ժողովուրդին համար:
Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ Իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի հոգին Հերման Կոլցի: Այս առիթով Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Հերման Կոլցի ընտանիքին եւ եկեղեցիին:








All the contents on this site are copyrighted ©.