2011-01-25 13:02:50

2011-ը ՝Հայ Մանուկի Տարին.
Մանուկը՝ Աստուածաշունչին ու Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ(Արամ Ա. Վեհափառի Պատգամէն).


Աստուածաշունչը աստուածային յայտնութեան աղբիւր է: Հետեւաբար, ան քրիստոնէական հաւատքի հիմքն է եւ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան սիրտը: Քրիստոնէական կեանքին առնչուած ոեւէ արժէք կամ մտածողութիւն, դէպք կամ երեւոյթ պէտք է արժեւորուի Աստուածաշունչի լոյսին տակ: Արդ, երբ կը խօսինք մանուկի մասին, անհրաժեշտ է որ նախ դառնանք Աստուածաշունչին, ուր յաճախակի առիթներով յիշուած է մանուկը: Երբ Աստուած ստեղծեց Ադամը եւ Եւան, անոնց պարտաւորութիւն տուաւ բազմանալու: Այս ձեւով յառաջացաւ ընտանիք եւ զաւակ-ծնողք փոխ-յարաբերութիւն: Այս մասին Հին Կտակարանին մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ ակնարկութիւններու. այսպէս՝ "Թոռները ծերերուն պսակն են. եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են" (Առակ. 17.6): Այլ տեղ մը կը կարդանք թէ Աստուած "Հայրերուն սիրտը պիտի վերադարձնէ դէպի որդիները, եւ որդիներուն սիրտը՝ դէպի հայրերը" (Մաղ. 4.6): Հին Կտակարանին մէջ մանուկներու դաստիարակութիւնը կը նկատուի կարեւոր. "Կրթէ՜ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն, որպէսզի իր ծերութեան ատեն անկէ չխոտորի" (Առակ. 22.6): Որբերու հոգածութիւնը եւս յատուկ կարեւորութեամբ կը յիշուի Հին Կտակարանին մէջ. "Ո՜չ մէկ այրի կամ որբ տառապեցուցէք" (Ելից 22.22):
Նոր Կտակարանին մէջ մանուկներու նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը  նոր շեշտ կը ստանայ: Աստուծոյ Որդին, որպէս մանուկ կը ծնի Բեթղեհէմի մսուրին մէջ: Մանուկ Յիսուսի ուղղուած խոր յարգանքն ու երկիւղածութիւնը՝ մոգերէն սկսեալ մինչեւ Սիմէոն ծերունին, յատկանշական երեւոյթ մըն է: Քրիստոս, իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, ո՜չ միայն բազմաթիւ անգամներ մօտեցաւ մանուկներուն եւ իր առակներուն մէջ յաճախ յիշեց զանոնք, այլ կարեւորութեամբ շեշտեց Աստուծոյ ունեցած յատուկ սէրը մանուկներուն նկատմամբ: Աստուծոյ Որդին մանուկները նկատեց պարզութեան ու խոնարհութեան խորհրդանիշ. "Ով որ իր անձը այս մանուկին պէս կը խոնարհեցնէ՝ անիկա է մեծը երկնքի արքայութեան մէջ" (Մատթ. 18.4): Քրիստոս նաեւ մանուկներուն ունեցած անմեղութիւնը նկատեց երկնքի արքայութիւն մուտքին նախապայման. "Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան. արգելք մի՜ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկնքի արքայութիւնը" (Մատթ. 19.14): Այլ առիթով ան յիշեցուց՝ "Եթէ դարձի չգաք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք" (Մատթ. 18.3): Քրիստոս այնքան կարեւորեց մանուկին տեղը ընկերութեան կեանքին մէջ, որ նոյնիսկ ժողովուրդին դիմաց մանուկ մը գրկելով ըսաւ՝ "Ով որ այսպիսի փոքրիկ մը իմ անունովս ընդունի զիս ընդունած կ’ըլլայ…" (Մարկ. 9.36-37):
Քրիստոսի առաքեալները շարունակեցին նո՜յն հոգածութիւնը ցուցաբերել մանուկին նկատմամբ, միշտ յիշեցնելով ծնողներուն՝ "Մի՜ զայրացնէք ձեր զաւակները, որպէսզի չյուսալքուին" (Կողոս. 3.21): Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու կոչուած եկեղեցին, իր հայրապետներուն թէ տիեզերական ժողովներուն, ուսուցումներուն թէ հաստատած կանոններուն ճամբով առանցքային կարեւորութիւն տուաւ մանուկին, եւ յատկապէս՝ անոր կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան: Պատմութեան ընթացքին, բոլոր եկեղեցիները իրենց մտածողութեան ու մտահոգութեան, դաստիարակութեան ու աւետարանչութեան մէջ առաջնահերթ տեղ վերապահեցին մանուկին, զինք նկատելով եկեղեցւոյ հիմքը եւ ընկերութեան շարունակականութիւնը ապահովող ու ապագան երաշխաւորող հիմնական տարրը:
Հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւս հայ մանուկը միշտ գրաւեց կարեւոր տեղ: Մեր եկեղեցւոյ ցուցաբերած բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւնը մանուկներուն նկատմամբ իր գործնական արտայայտութիւնը ունեցաւ յատկապէս ընկերային ծառայութեան եւ դաստիարակութեան ճամբով:







All the contents on this site are copyrighted ©.