2011-01-24 13:46:57

Քրիստոնեաներու միութեան շաբաթ


Քրիստոնեաներու միութեան շաբթուայ ընթացքին համայն աշխարհի եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենան համամիութենական աղօթք ու պատարագ։
Հռոմի Սանդա Մարիա ին Վիա Լաթայի Պազիլիքայի մէջ այս տարի եւս (Քրիստոնեաներու միութեան շաբթուայ ընթացքին ինչպէս ամէն տարի) ամէն օր զանազան ու տարբեր ծէսերով սուրբ պատարագ կը մատուցուի եւ աղօթքներ կ՛ընծայուին Քրիստոնեաներու Միութեան ի նպաստ։ Երկուշաբթի 24 յունուարին երեկոյան ժամը 8ին Հռոմի Յունական Վարժարանի Քահանաներն ու աշակերտութիւնը կը կատարեն Յոյն Բիւզանդական ծիսակատարութեամբ սուրբ պատարագ։ Յիշեցնենք թէ վերոյիշեալ Պազիլիքայի մէջ, անցեալ 19 յունուարին, կատարուեցաւ հայածէս սուրբ պատարագ գլխաւորութեամբ Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր` գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Նորատունկեանին մինչ Սրբազան երգեցողութիւնը ապահովեցին Լեւոնեան Վարժարանի ժառանգաւորներու եւ Հռոմի Անարատ Յղութեան Մայր Տան քոյրերու եւ աշակերտութեան միացեալ եգչախումբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.