2011-01-24 13:47:04

Սուրբ ֆրանչիսկոս Սալըսի Տօնին Առթիւ՝ Եւրոպական Քրիստոնեայ Ռատիոկայաններու Խորհրդաժողովը Կը Յիշատակէ Սուրբին Տօնը։


Սուրբ ֆրանչիսկոս Սալէսի տօնին առթիւ Եւրոպական Քրիստոնեայ Ռատիոկայաններու Խորհրդաժողովը կը յիշատակէ Սուրբին տօնը ընտրելով`կարեւոր նիւթ մը կամ անդրադարձ մը, միասնաբար ներկայացնելու ու անոր վրայ խորհրդածելու համար իրենց ունկնդիրներուն հետ միասին։ Այս տարուան ընտրուած նիւթն է՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուայ առթիւ տուած <<Կրօնական ազատութիւնը Խաղաղութեան Ճանապարհ>> խորագրով պատգամը։
Հրաւիրելով բոլորին ուշադրութիւնը Կրօնական ազատութեան նիւթին մասին Եւրոպական Քրիստոնեայ Ռատիոկայաններու Խորհրդաժողովը կ՛ուզէ մօտէն ճանչցնել հանրութեան այն վտանգները որոնց յաճախ ենթարկուած են քրիստոնեաները երբ կը դաւանին իրենց կրօնքն ու հաւատքը։ Խորհրդաժողովը կ՛ուզէ շեշտը դնել նաեւ Քրիստոնէութեան` խաղաղութեան ի նպաստ` օժանդակելու կարեւոր դերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.