2011-01-23 15:49:24

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը

Կիրակի յունուար 23 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

18 - 25 յունուար տեղի կ՛ունենայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։Այս տարուայ Նիւթը առնուած է Գործք Առաքելոց Գիրգէն ''անոնք` հաւատացեալները, կը յարատեւէին Առաքեալներու ուսուցման մէջ, հաւատարիմ էին հաղորդութեան, հացի բեկանումին եւ աղօթքներուն''։ Գիտակից ենք թէ Սուրբ Երկրի եւ Միջին արեւելքի մեր եղբայրերն ու քոյրերը որքան խոչնդոտներու առջեւ կը գտնուին։ Իրենց ծառայութիւնը առ այդ աւելի արժեգաւոր է նա մանաւանդ երբ շատ անգամ վկայելով իրենց հաւատքը կը հասնին նոյնիսկ նահատակութեան։
Այսօր մենք ձգտելու ենք Աստուծոյ հետ միութեան եւ մարդկանց միջեւ միասնականութեան։ Մենք քրիստոնեաներս պետք ենք հիմնել մեր կեանքի ուղին չորս գլխաւոր տարրերու վրայ։ Ունկնդրել Աստուցոյ Խօսքը եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ապրիլ եղբայրական հաղորդակցութիւն, աղօթել եւ Հաղորդուիլ։ Միայն Աստուծոյ հետ միութեան մէջ մնալով է որ եկեղեցին կռնայ կատարել իր առաքելութիւնը հակարակ դժուարութիւններուն եւ իրեն անհատներու դերութիւններուն ու հակարակ բաժանումներուն որ արդէն Պօղոս Առաքեալը ստիպուած էր դիմագրաւել Կորնթացիներու հասարակութեան մէջ։
Հրաւիրուած ենք հետեւելու Սուրբ Պօղոսի ուսուցումին հերանալու բաժանումներու գայթակղութենէն եւ հասցնելու բոլորին Յարուցեալ Քրիստոսի Պատգամը։ Աղօթենք Աստուցոյ որ շուտով հասնի այն օրը ուր Եկեղեցին ըլլայ կատարելապես միութեան մէջ։ Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ առաջնորդէ միութեան ճանապարհի մէջ։
Ապս Նորին Սրբութիւնը անդրադարցաւ աւետարանի Մատթէոսի գլուխ 4 17 համարին <<Ապաշխարլցէք որովհետեւ մօտ է երկնքի արքայութիւնը>> ու հրաւիրեց քրիստոնեաները իսկական ապաշխարութեան։
Յուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ու անոնց մաղթեց բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.